2014-11-15 13:33:41

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Հանդիպում Իտալիոյ Կաթողիկէ Բժիշկներու Միութեան հետ։


(Ռ.Վ. 15 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ, Նոյեմբեր 15ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեցաւ Ս. Աթոռի Եպիսկոպոսներու Ժողովի նախագահ՝ Քարտինալ Մարք Ուէլլէ. Ժողովուրդներու Աւետարանման Ժողովի Նախագահ՝ Կարդինալ Ֆիլոնի. Քանատայի Եպիսկոպոսական Ժողովի Նախագահ, Կադինոյի Արքեպիսկոպոս՝ Փոլ-Անտրէ Տուրոշէ, Փոխ Նախագահ, Համիլդոնի Եպիսկոպոս՝ Տէյվիտ Տակլըս Քրոզպի, եւ ընդհանուր Քարտուղար Մոնսինիոր Փաթրիք Փաուերս։ Այս ընդունելութիւններէն ետք՝ կէսօրին, Պօղոս Զի Սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը Հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ Կաթողիկէ Բժիշկներու Միութեան հետ, անոր հիմնարկութեան 70րդ տարեդարձին առիթով։

Դուք՝ կաթողիկէ բժիշկներ պէտք է ապրիք ձեր մասնագիտութիւնը իբր մարդկային եւ հոգեւոր առաքելութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը խօսք ուղղելով բժիշկներուն ըսաւ՝
կասկած չկայ, որ մեր օրերուն գիտական եւ թեքնիք զարգացումներու պատճառով ուշագրաւ կերպով աճած են ֆիզիքական բուժումի կարելիութիւնները։ Սակայն կարծէք նուազած է անհատի մը հոգ տանելու կարողութիւնը, յատկապէս անոնց հանդէպ որոնք կը տառապին եւ դիւրաբեկ ու անպաշտպան են։ Սակայն գիտութեան եւ բժշկութեան նուաճումները կարողութիւն ունին նպաստելու մարդկային կեանքի բարելաւման, այնքանով սակայան՝ որ չհեռանան տուեալ մասնագիտութիւններու էթիքական սկզբունքներէն։ Այս պատճառով դուք՝ կաթողիկէ բժիշկներ պէտք է ապրիք ձեր մասնագիտութիւնը իբր մարդկային եւ հոգեւոր առաքելութիւն։
Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մաս կը կազմէ՝ մարդկային կեանքին յատուկ ուշադրութիւն դարձնել, յատկապէս անոնց՝ որոնք նեղութեան մէջ կը գտնուին, այսինքն՝ հիւանդը, տարիքաւորը եւ երեխան։
Եկեղեցին կոչումն ունի մասնակցելու նաեւ մարդկային կեանքի շուրջ գոյացող բանավէճին, ներկայացնելով իր սեփական տեսակէտը՝ հիմնուած Ս. Աւետարանին վրայ։ Շատ տեղեր կեանքի որակը յատկապէս կապուած է տնտեսական կարելիութիւններու հետ, բարեկեցիկ կեանքի հետ, գեղեցկութեան եւ ֆիզիքական կեանքի վայելքին մէջ, մոռնալով գոյութեան այլ խորագոյն տարածքներ՝ այսինքն հոգեւորը եւ կրօնականը։ Հաւատքի եւ ուղիղ տրամաբանութեան լոյսին տակ՝ մարդկային կեանքը միշտ սուրբ է եւ միշտ որակաւոր։ Գոյութիւն չունի մարդկեային կեանք մը՝ աւելի սրբազան քան ուրիշի մը կեանքը, ինչպէս գոյութիւն չունի մարդկային կեանք մը՝ որակաւորապէս աւելի նշանակալից քան ուրիշինը։
Ձեր բժշկական աշխատանքը պէտք է վկայէ խօսքով եւ գործով, թէ մարդկային կեանքը միշտ սուրբ է եւ անբռնաբարելի, եւ իբր այսպիսի պէտք է սիրել, պաշտպանել եւ խնամել զայն։ Երբեմն ''սխալ կարեկցութիւն'' ցոյց կու տանք օգնելով կնոջ մը վիժումի պարագային, եւ կամ օգնելով տառապեալին՝ հեշտամահի պարագային։ Զաւակ մը այսպէս կոչուած ''արտադրելու'' գիտական նուաճումը կը նկատուի իբր իրաւունք մը, մինչդեռ նա շնորհք մըն է։
Սրբազան Քահանայապետը ապա զգուշացուց նաեւ չարաշահելէ մարդկային կեանքը իրբ փորձարկումներու աղբիւր։ Ան շեշտեց թէ բժիշկները պէտք է գործեն բարի սամարացիին նման, միշտ հասնելով կարօտեալին։ Եւ եզրակացուց, թէ Ս. Աւետարանի հանդէպ հաւատարմութիւնը երբեմն նաեւ յանդուգն որոշումներ կը պահանջէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.